image

Պէնզինի «պատերազմ»ը կը շարունակուի...

   Պէնզինի «պատերազմ»ը  կը  շարունակուի...

Լիբանանի  մէջ   առկայ   տնտեսական   տագնապը, որ   կը դրսեւորուի  տարբեր  հարթակներու  վրայ  երկրին մէջ ստեղծած է  չափազանց լարուած   իրադրութիւն մը։ 

 

 

 Այս մասին   «Արեւելք»ին տեղեկութիւն   հաղորդող  աղբիւրներ   կը յայտնեն,   որ  մասնաւորապէս  վերջին  մէկ շաբթուան ընթացքին     վառելանիւթի  կայարաններուն  շուրջ    ընթացք առնող    լեզուակռիւները   յաճախ կը վերածուին բախումներուն եւ  ծեծի։

 

 

 Օրերս  օրինակ մէկէ աւելի  վառելանիւթի կայաններու  շուրջ  նման  դէպքեր գրանցուեցան   ու   դէպքերու աւարտին ալ   գրանցուեցան  վիրաւորներ։ 

 

 Ապահովական  մարմիններ, եւ մասնաւորապէս  երկրի բանակը, որ կը փորձէ ամէն գնով վերահսկողութեան տակ պահել երկրի   վիճակը  յաճախ անզօր կը դառնայ առկայ  լարուածութիւններուն  դիմաց։ 

 

 Մէկ  բան յստակ է,  որ Լիբանանի մէջ     այս օրերուն գոյութիւն ունի   «պատերազմ»   եւ այդ    պատերազմը   կը կոչուի  «վառելանիւթի  պատերազմ»։