image

Պայտընէն շնորհակալիք՝ Էրտողանին

Պայտընէն   շնորհակալիք՝ Էրտողանին

Պայտըն գոված է Էրտողանը այն բանին համար, որ ան հրաժարած է ընդդիմանալէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՆԱԹՕ-ին միանալուն եւ «այն ամբողջ անհաւանական աշխատանքին համար, որ դուք կ'ընէք` Ուքրանիայէն հացահատիկը ստանալու համար»:

 

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհակալութիւն յայտնած է թուրք գործընկեր Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ գործարք կնքելու համար, որ ճանապարհ հարթած է սքանտինաւեան երկու երկիրները ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան համար:

Պայտըն Մատրիտի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ իրենց հանդիպումէն առաջ հակիրճ ելոյթին մէջ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանին Ուքրանիայէն հացահատիկի տեղափոխման օգնելու Անգարայի ջանքերուն համար: Էրտողանը յոյս յայտնած է, որ դիւանագիտութիւնը պիտի օգնէ լուծելու Ուքրանիոյ հացահատիկի արտահանման հետ կապուած խնդիրները: «Մենք կը փորձենք այս գործընթացը լուծել հաւասարակշռող քաղաքականութեամբ: Մենք յոյսով ենք, որ այդ հաւասարակշռող քաղաքականութիւնը պիտի աշխատի եւ մեզի հնարաւորութիւն պիտի տայ հնարաւորինս արագ միջանցքով հացահատիկ ուղարկելու անոր պակասը ունեցող երկիրներ»:

Էրտողան նշած է, որ «ՆԱԹՕ-ի ամրապնդման ուղղուած քայլերը պիտի նպաստեն նաեւ ռուս-ուքրանական գործընթացին»:

Պայտըն գոված է Էրտողանը այն բանին համար, որ ան հրաժարած է ընդդիմանալէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՆԱԹՕ-ին միանալուն եւ «այն ամբողջ անհաւանական աշխատանքին համար, որ դուք կ'ընէք` Ուքրանիայէն հացահատիկը ստանալու համար»: Ան ըսած է, որ երկու հարցերն ալ պիտի քննարկեն հանդիպման ժամանակ: «Դուք գերազանց աշխատանք կը կատարէք, ես պարզապէս կ'ուզեմ ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել», ըսած է Պայտըն: