image

Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն նեցուկ՝ Լիբանանի աշակերտներուն

  Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն նեցուկ՝ Լիբանանի աշակերտներուն

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հանդէս եկած է Լիբանանի վարժարաններուն նիւթական նեցուկ ցոյց տալու առաքելութեամբ։
 
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։
 
Եկեղեցւոյ դիմատետրի էջը մասնաւորապէս կը հաղորդէ, որ համայնքի հաւատացեալ անդամներ՝ Տիկին Մաքրուհի Գալայճեան եւ Տիկին Անահիտ Ուղուրլեան ի յիշատակ իրենց սիրելի ծնողներուն Յակոբ եւ Մաթիլտա Գալայճեաններուն 8000 ԱՄՆ տոլար յատկացուցած են Լիբանանի հայկական վարժարաններուն։ 
Այս առթիւ ալ ստանալով նուիրուատւութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր քհնյ. Լագիսեան շնորահակալութիւն յայտնած է մեր հայրենակիցներուն բարձր գնահատելով անոնց գործադրած ճիգը ի նպաստ տագնապերու մէջ տուայտող լիբանանահայութեան։
 
 Յիշեցնենք նաեւ, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Արեւելեան Թեմը գլխաւորութեամբ Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանին հանդէս կու գայ նման գնահատելի նախաձեռնութեամբ։