image

Նախ երկկողմ, յետոյ՝ եռակողմ հանդիպում. Շարլ Միշէլը Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կը հանդիպի Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Նախ երկկողմ, յետոյ՝ եռակողմ հանդիպում. Շարլ Միշէլը Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կը հանդիպի Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Այս մասին յայտնած է ԵՄ բարձրաստիճան ներկայացուցիչը՝ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախօրէին:

«Եւրոպական խորհուրդի նախագահը վաղը նախ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ, իսկ երեկոյեան եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ անոնց հետ», ըսած է Միշէլ։