image

Մեծ հրդեհ Պէյրութի Ռումիյէ անտառային շրջանին մէջ (Տեսանիւթ)

Մեծ հրդեհ Պէյրութի Ռումիյէ անտառային շրջանին մէջ (Տեսանիւթ)


 Մեթնի երեսփոխաններ եղածին վերաբերեալ ահազանգ հնչեցուցած են նշելով, որ այս հրդեհին ետին կը կանգնին «փայտի մաֆիա»ին մաս կազմող խափանարար ձեռքեր, որոնց նպատակն է օգտուիլ հրդեհին  բերած աւերներէն։

 

 Այսօր առաւօտուն մեծ հրդեհ մը ծագած է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի միջեւ գտնուող Ռումիյէ շրջանի անտառային հատուածին մէջ։ 

Լիբանանի ԱԻՆ մարմիններ, որոնք փութացած են դէպքի վայր աւելի ուղ յայտնած են, որ «չար ձեռքեր պատճառ եղած են այս կրակին»։

 Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհի մեծ մասը մարուած է, եւ ներկայ պահու դրութեամբ հրդեհը, որեւէ վտանգ չըսպառնար  շրջանին մէջ գտնուող բնակչութեան, որոնց բնակարանները բաւականաչափ հեռու են դէպքի վայրէն։

Մեթնի երեսփոխաններ եղածին վերաբերեալ ահազանգ հնչեցուցած են նշելով, որ այս հրդեհին ետին կը կանգնին «փայտի մաֆիա»ին մաս կազմող խափանարար ձեռքեր, որոնց նպատակն է օգտուիլ հրդեհին  բերած աւերներէն։