image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ արկած Յորդանանի մէջ. Կան 13 զոհեր եւ 250 -է աւելի վիրաւորներ

Մեծ արկած Յորդանանի մէջ. Կան 13 զոհեր եւ 250 -է աւելի վիրաւորներ

Ծանր պատահար մը գրանցուած է Յորդանանի Աքապէ թերակղզիի ափերուն մօտ։ 

Այս մասին կը յայտնէ BBC Arabic  կայանը նշելով, որ ծովափին կայանած մեծ փոխադրակառքէ մը թունաւոր կազի արտահոսքը պատճառ դարձած է մեծ թիւով մարդոց մահուան։

 

Կը նշուի նաեւ, որ մինչեւ այս պահը արկածին հետեւանքով զոհուած են 13 անձեր, իսկ վիրաւորեալներուն թիւը գերազանցած է 250-ը։

Յորդանանի ԱԻՆ մարմիններ յատուկ ջոկատներ ուղարկած են դէպքի վայր փրկարարական աշխատանքներ կատարելու նպատակով։