image

Meta ընկերութիւնը «ծայրայեղական կազմակերպութի՞ւն»

Meta ընկերութիւնը «ծայրայեղական կազմակերպութի՞ւն»

Մոսկուայի Թուերսքոյի շրջանի դատարանը ամերիկեան Meta ընկերութեանը, որուն կը պատկանին Facebook, Instagram ընկերային ցանցերը եւ WhatsApp յաւելուածը, ճանչցած է ծայրայեղական կազմակերպութիւն: Այժմ Ռուսաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը արգիլուած է: Դատարանը որոշած է անմիջապէս արգելափակել Fabebook-ը եւ Instagram-ը, մինչդեռ արգելափակումը չի տարածուիր WhatsApp-ի վրայ:

Աւելի վաղ Ռուսաստանի Գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցիչը յայտարարած էր, որ «ոչ ծայրայեղականութեան նպատակներով» Facebook-ի եւ Instagram-ի օգտագործումը «չի դիտարկուիր որպէս ծայրայեղականութեան աջակցութիւն»: