image

«Մենք Քիեւի հետ մուկ-կատու պիտի չխաղանք». Լաւրով

«Մենք Քիեւի  հետ մուկ-կատու պիտի չխաղանք». Լաւրով

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, մեկնաբանելով Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու հեռանկարները եւ Քիեւի մարտավարութիւնը, ըսած է, որ Մոսկուան «մուկ ու կատու չի խաղար»:

«Մենք անհանգստացած ենք, որ ուքրանական կողմը որոշած է պահանջել, որ եթէ պայմանագիր կնքուի, մի քանի օրուայ ընթացքին պէտք է դադրեցուին բոլոր ռազմական գործողութիւնները, ռուսական զինուած ուժերը պիտի լքեն Ուքրանիան, իսկ անկէ յետոյ պիտի ըլլայ hանրաքուէ, վաւերացում խորհրդարանին մէջ եւ շատ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ երբ այս վաւերացումն ու հանրաքուէն բացասական արդիւնք տան, բանակցային գործընթացը պէտք է դարձեալ սկսի», ըսած է Լաւրով: