Իրանը պատրաստ է որեւէ սենարի. այս մասին, «Tasnim» գործակալութեան հաղորդմամբ, ըսած է արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:
«Մենք պատրաստ ենք որեւէ սենարի, թէեւ չենք ուզեր պատերազմ կամ մագլցում։ Սակայն սիոնիստական ռեժիմը կրնայ ստուգել մեր կամքը: Եթէ մեր վրայ յարձակին, մենք ուշադիր պիտի ուսումնասիրենք այս յարձակումը եւ համապատասխան պատասխան պիտի տանք։ Իսրայէլը զանգուածային պատերազմ կը փնտռէ եւ կ՚ուզէ երկիրները ներքաշել այս պատերազմին մէջ», -ըսած է Արաքչին:
Ան ընդգծած է, որ «Իրանը միակ երկիրը չէ, որ չուզեր լայնածաւալ պատերազմ, քանի որ բոլորին յայտնի է այս պատերազմի աղէտալի բնոյթը»։
Ըստ Արաքչիի՝ «դիմադրութեան առանցքը (լիբանանեան «Հըզպալլա», պաղեստինեան «Համաս», Եմէնի հուսի ապստամբներ, Իրանքի դիմադրութեան ուժեր-Խմբ.) վիճակի է պատասխանելու Իսրայէլին»:
«Մենք երբեք չենք դադարիր աջակցիլ դիմադրութեան, եւ ես Պէյրութի մէջ յայտարարեցի, որ Իրանը չի հրաժարիր դիմադրութենէն: Աջակցութիւնը պիտի չսահմանափակուի միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական հարցերով, եւ մենք անոնց պիտի տրամադրենք այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ է», -ըսած է Արաքչին:
Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Կազայի պատերազմին մէջ չէ հասած իր նպատակին, որ «Համաս»-ի ոչնչացումն էր, եւ նոյն իրավիճակին պիտի բախուի Լիբանանի մէջ։