Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններուն գլխաւոր թեման է: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:
Զելենսքին նշած է, որ դժուար է կանխատեսել պատերազմի աւարտին ժամկէտները, եւ այդ «խոր, ցաւոտ հարց է», սակայն ընդգծած է, որ ուքրանացի ժողովուրդը յաղթանակէն բացի այլ արդիւնք չ'ընդունիր:
Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք նախագահը պատրա՞ստ է տարածքային զիջումներու երթալու Ռուսաստանին` յանուն խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, Զելենսքին ըսած է, որ այդ տեղի պիտի չունենայ: «Մենք մեր տարածքը առեւտուրի չենք հաներ, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հարց չի քննարկուիր», ըսած է ան:
Զելենսքին նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիան կ'ակնկալէ պարտաւորութիւններ աշխարհի «առաջատար երկիրներէ», որ ուքրանական պետութեան անվտանգութիւնը պաշտպանուած պիտի ըլլայ համաձայնագրով: