Մաքրոն, որ խօսած է ֆրանսական «Լը Բուան» պարբերականին շեշտած է, որ այս օրերուն աշխարհը կ՚անցնի անցումային կարեւոր փուլէ մը, որուն աւարտին ալ այլեւս պիտի չըլլայ միաբեւեռ։
Ֆրանսայի նախագահը կը կարծէ, որ տեղի ունեցող ամեհի զարգացումներէն ետք աշխարհը կ՚ուղղուի դէպի բազմաբեւեռ կառավարում։
Մաքրոն, որ խօսած է ֆրանսական «Լը Բուան» պարբերականին շեշտած է, որ այս օրերուն աշխարհը կ՚անցնի անցումային կարեւոր փուլէ մը, որուն աւարտին ալ այլեւս պիտի չըլլայ միաբեւեռ։
Ան կարեւորած է Ֆրանսա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները եւ դիտարկած, որ Մոսկուա միշտ ալ տարբեր եւ դրական հայացքով կը նայի Ֆրանսային, տրուած ըլլալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ կայ բանակցութիւններու երկար ժամանակահատուած մը, որ լի է անկեղծ եւ բաց խօսակցութիւններով։
Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ այսօրուան կտրուածքով Չինաստան պատրաստ չէ նեցուկ կանգնիլ Ռուսաստանին, իսկ Արաբական Ծոցի եւ կարգ մը Ափրիկեան երկիրներ նախընտրած են չէզոք կեցուածք ունենալ Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմին առընթեր։
Լուրը թարգմանաբար ՝«Ալ Մայատին»էն