ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յայտարարած է, որ Ոքրանիոյ մէջ պատերազմը կրնայ յանգեցնել համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզման։
«Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը արդէն կը խաթարէ մատակարարման շղթաները եւ կը յանգեցնէ վառելանիւթի, սնունդի եւփոխադրութեան գիներու բարձրացման: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կանխենք սովի փոթորիկը եւ համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզումը», գրած է ան: