ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը պահանջած է Ռուսաստանէն անյապաղ դադրեցնել ռազմական ներխուժումը Ուքրանիա:
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ ռազմական բռնութիւնը, որ սկսած է 2022 թուականի Փետրուար 24-ին Ուքրանիոյ տարածքին», կ'ըսուի դատարանի վճիռին մէջ, որ հրապարակուած է երէկ Լահէյի մէջ: Հրապարակման ներկայ չեն եղած Ռուսաստանի ներկայացուցիչները:
Արդարադատութեան միջազգային դատարանը բաւարարած է Ուքրանիոյ հայցը ընդդէմ Ռուսաստանի, որ Քիեւը ներկայացուցած էր երկու շաբաթ առաջ` բողոքելով Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին 1948 թուականի ուխտի խախտման մասին: Նախագահող դատաւոր Ճոան Տոնոհիւն յայտարարած է` «բռնութիւնը պէտք է դադրեցուիէ, քանի որ այս «գործողութիւնը կը յանգեցնէ անթիւ մահերու եւ վիրաւորներու»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ողջունած է դատարանի որոշումը: «Ուքրանիան ամբողջական յաղթանակ տարաւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Ռուսաստանի դէմ գործով: Դատարանը Ռուսաստանի Դաշնութեանը պարտաւորեցուցած է անյապաղ դադրեցնել ներխուժումը Ուքրանիա», գրած է Զելենսքին Թուիթըրով: Անոր խօսքով` Ռուսաստանի կողմէ որոշման անտեսումը պիտի յանգեցնէ ա'լ աւելի մեծ մեկուսացման:
Դատարանի որոշումը պարտադիր է կատարման համար, սակայն փորձագէտները կը կասկածն, թէ Ռուսաստանը պիտի կատարէ զայն` մատնանշելով, որ Մոսկուայի ներկայացուցիչները պոյքոթած էին դատական նիստը: Դատարանը միջոցներ չունի պարտուած կողմին պարտադրելու կատարել վճիռը, սակայն այն կրնայ դեր խաղալ Ռուսաստանի վրայ միջազգային ճնշումներու մեծացման համար:
Դատարանի ներկայիս որոշումը նախնական է, վերջնական վճիռը պիտի կայացուի հիմնական դատավարութենէն յետոյ, որ կրնայ տարիներ տեւել: