image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Օշին Տէմիրճեանը

  Մահացած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Օշին Տէմիրճեանը

 Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Օշին Տէմիրճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ դիմատետրի էջէն։

Աղբիւրը այս տխուր առթիւ մասնաւորապէս գրած է՝ 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ-ի պասքէթպոլի խումբի նախկին խաղացող Եղբ. Օշին Տէմիրճեանի մահը։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հաւատաւոր եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն: 

Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն մէջ: