Օրերս կեանքէն հեռացած է, 69 ամեայ Սուրիոյ ծանրամարտիկ՝ Թալալ Ալ Նաժժարը:
Գոյժը տարածած են Սուրիոյ Մարմնամարզի Ընդհանուր Միութիւնը եւ Ողիմպիական խաղերու յանձնախումբը:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ UEPA կայքէն:
Միութիւնը իր Յայտարարութեան մէջ նշած է. «Ալ Նաժժար սուրիական մարզանքի այն յայտնիներէն է, որոնք իրենց հետքը ձգած են տեղական, արաբական, ցամաքամասային եւ միջազգային մակարդակներով: Անոր մարզական կեանքը լի էր նուաճումներով, որոնք բերած էին աւելի քան յիսուն մետալներ»։
Հաղորդագրութիւնը նշած է նաեւ Ալ Նաժժարի ձեռքբերումները: Ան 1970-ին Սուրիոյ Հոմս նահանգի ծանրամարտի ոլորտի ոսկեայ մետալակիրն էր: 1971-ին Սուրիոյ արծաթ մետալակիրը, իսկ 1973-ին Սուրիոյ ոսկեայ մետալակիրը:
Ծանրամարտիկը շարունակելով իր մարզական կեանքը, նուաճած է արաբական ախոյեանութեան ոսկեայ մետալը քանի մը անգամ՝ Պէյրութի մէջ 1974-ին, ապա Դամասկոսի մէջ 1976-ին եւ Լիպիոյ մէջ 1978-ին: Եւս նոյն տարին՝ 1978-ին դարձած է Ասիոյ Ախոյեանը Թայլանտի մէջ: Իսկ 1979-ին կրկին անգամ ախոյեանն էր Եուկոսլավիոյ մէջ կայացած Միջերկրականի խաղերուն:
Թալալ Ալ Նաժժար 1980-ին արձանագրած է արաբական, ասիական ու միջերկրականի մակարդակով նոր մրցանիշ: Ան շարունակած է արժանանալ ոսկի մետալներու ինչպէս 1981-ին Ճաբոնի մէջ եւ 1982-ին Լիպիոյ մէջ:
Հաղորդագրութիւնը շարունակած է թուել ծանրամարտիկի յաղթանակները: Ան Հնդկաստանի մէջ մասնակցած է Ասիոյ իններորդ մրցաշարին եւ խլած ոսկեայ մետալը, 1983-ին Դամասկոսի մէջ նմանապէս, ինչպէս նաեւ նոյն տարին Իրանի մէջ կայացած իսլամական խաղերու ախոյեանն էր:
Ան շարունակած է իր յաղթական քայլերը, Մարոքի մէջ 1985-ին արաբական 6-րդ մրցաշարին եւ 1986-ին Դամասկոսի մէջ գրաւած է առաջին դիրքը: Հզօր մարզիկը եզրափակած է իր մարզական մասնակցութիւնները արժանանալով երեք պրոնզեայ մետալներու 1987-ին Լաթաքիոյ մէջ կայացած Միջերկրականի խաղերուն:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանգուցեալ Թալալ Ալ Նաժժար հանգստեան կոչուելէ ետք աշխատած է որպէս մարզիչ, եղած է Հոմսի մարզական խաղերու յանձնախումբի նախագահ, ապա փոխ նախագահ՝ Սուրիոյ ծանրամարտի Միութեան: