Լոս Անճելըսի Սան Փետրօ համայնքի Փեք այգիին մէջ ինքնաշարժերու ցուցադրական-շոուի ժամանակ հրաձգութիւն տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է, հինգը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ NBC News հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով իշխանութիւններուն։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ միջադէպին ներգրաւուած եղած է առնուազն երկու հրաձիգ։ Ինչպէս նշած է Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան պետ Քելի Մունիզը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, հրաձգութիւնն սկսած է կողմիերու միջեւ ծագած վիճաբանութենէն ետք։ Դեպքի վայրին մէջ որոշ զէնքեր յայտնաբերուած են։
Կը հաղորդուի, որ հիւանդանոց տեղափոխուածներէն չորսի վիճակը ծայրայեղ ծանր է։ Վիրաւորները 3-54 տարեկան են։
Մունիզի խօսքով՝ միջադէպը տեղի ունեցած է կիրակի կէսօրին, երբ այգիին մէջ ինքնաշէն մեքենաներու ցուցադրութիւն կ'իրականացուէր։ Միջոցառման ներկայ էր շուրջ 500 մարդ։