image

Լիբանանի մէջ միսի գիլոն 600 հազա՞ր

   Լիբանանի մէջ միսի գիլոն  600 հազա՞ր

Տնտեսական բարդ  զարգացումներու լոյսին տակ եւ մասնաւորապէս  կառավարութեան կողմէ  ամերիկեան  տոլարի  սակագնի   մեծ բարձրացման դիմաց մինչեւ վերջերս առած որոշումներու  բեկանումէն ետք  առաջին օգտագործման մեծ թիւով ապրանքատեսակներու վրայ աստղաբաշխական  գիներ կրնան դրուիլ։ 

 

 Այս  մասին «Արեւելք» կարդաց «Էլ Նաշրա» կայքէն, որուն հաղորդմամբ Լիբանանի տարածքին մէկ գիլո թարմ  միս ստանալու համար քաղաքացիներ պէտք է վճարեն  600 հազար լիբանանեան ոսկի։ 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ տնտեսական  տագնապի ուռճացման կողքին երկրի տնտեսական գերատեսչութեանց աշխտակիցները  յայտնուած են անկարողութեան մէջ , ինչ կը վերաբերի գիներու վերահսկման աշխատանքներուն։

 

 Յիշեցնենք նաեւ, որ  պետական մարմիններու  ցոյց տուած նեցուկի  ի չիք դառնալէն ի վեր  միսի սակագին այսքան մեծ  բարձրացում գրանցած է եւ մինչեւ  վերջերս Պէյրութի մէջ  մէկ քիլոկրամ միսը կարելի էր գնել վճառելով մինչեւ 100 հազար լիբանանեան լիրա։