image

Լիբանանի բանակը կը շարժի ... Ձրի վառելանիւթ քաղաքացիներուն

 Լիբանանի բանակը կը շարժի ... Ձրի  վառելանիւթ  քաղաքացիներուն

 

Լիբանանեան բանակը դվիթերի իր էջով լուսանկարներ տեղադրած է, նշելով, որ բանակի գերագոյն հրամանատարութեան պահանջով բանակի զինուորներ մօտեցած են վառելանիւթի կարգ մը կայարաններ եւ առկայ վառելանիւթը առած կալանքի տակ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ բանակը աւելի ուշ առգրաւուած պէնզինի քանակերը անվճար կերպով պիտի տրամադրէ Լիբանանի քաղաքացիներուն։

 

 Նշենք, որ տնտեսական սուր տագնապին հետեւանքով երկիրը զրկուած է վառելանիւթէ եւ այդ մէկն ալ պատճառ կը դառնայ, որ Լիբանան յայտնուի համատարած մութի, եւ նոյնիսկ մասնակի անդամալուծութեան։