image

Խաչվերացը Պալաթ թաղամասին մէջ. Պոլսեցիները կը դիմեն «Հրաշագործ չարխափան»ին (Տեսանիւթ)

Խաչվերացը Պալաթ թաղամասին մէջ. Պոլսեցիները կը դիմեն «Հրաշագործ չարխափան»ին (Տեսանիւթ)

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս պոլսահայ համայնքի անդամներէն շատեր կը փութան Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Սրբոց Հրաշտակապետաց եկեղեցի աղերսելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ լսելի դարձնելու իրենց աղօթքները առ Աստուած։

 

 Ուշագրաւն այն է, որ այդ եկեղեցին կ՚առանձնանայ «Հրաշագործ չարխափան» սրբապատկերով, որ ըստ մեր աւանդութեանց կ՚անսայ, կը լսէ եւ կը կատարէ հաւատացեալներուն փափաքները։ 

 Խնդիրը անշուշտ փոխկապակցուած է քրիստոնաէան աւանդութիւններուն ու ամենակարեւոր հաւատքի ընկալումներուն հետ։ 

 

Հայ քրիստոնեային նուիրական ճիգը  յուսալուն մէջ է։ Յուսալ եւ  սիրոյ խոստովանութիւն  մը տալ  առ մարդացեալ Աստուած Քրիստոսը եւ այդ բոլորին առընթեր  աղօթք բարձրաձնել  առ  Մարիամ Աստուածածինը, որպէս միջնորդ,  Սուրբ Մայր ու բարեխօս։

 Ստորեւ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ վերջերս քահանայական ձեռնադրութեան արժանի դարձած Պոլսոյ Միաբանութեան ամենաերիտասարդ աբեղան ՝ Տ. Գասպար աբղ. Կարապետեանը կը կատարէ ջրհօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որ պոլսեցիները կ՚անուանեն Խաչահանգիստ, եւ որուն մասնակից կը դառնան, ոչ միայն հայ, այլ նաեւ տեղացիներ, որոնք ուխտ մը պահած կ՚ըլլան եւ կը սպասեն Խաչվերացի տօնը նախորդող շաբաթ օրուան արարողութեան։

 Այդ ուխտաւորներէն շատ-շատեր « Հրաշագործ չարխափան»ի սրբապատկերին առջեւ ծունկի գալով կ՚աղերեսն առ Աստուած, տէրոջմէն խնդրելով առողջութիւն իրենց ցաւերուն եւ բժշկութիւն իրենց հիւանդութիւններուն։

 

 

 Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի