image
Հրատապ լուրեր:

Կազայի Տագնապ. Հրադադարը ուժի մէջ մտած է

Կազայի Տագնապ. Հրադադարը ուժի մէջ մտած է

Իսրայէլեան բանակի եւ Կազայի հատուածին մէջ իշխող պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման միջեւ չորսօրեայ հրադադարը ուժի մէջ մտած է։

Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ հրադադարն ուժի մէջ մտած է ուրբաթ՝ նոյեմբեր 24-ին, տեղական ժամանակով 07։00-էն (երեւանեան ժամանակով՝ 09։00)։

Յիշեցնենք՝ չորեքշաբթի յայտնի դարձաւ, որ Իսրայէլն ու ՀԱՄԱՍ-ը Քաթարի միջնորդութեամբ հոկտեմբեր 7-ին հակամարտութեան սրումէն ետք ձեռք բերած են առաջին լայնամաշտապ պայմանաւորուածութիւնը, որով կողմերը համաձայնած են չորս օրով դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները տասնեակ պատանդներն ու կալանաւորները փոխանակելու, ինչպէս նաեւ Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար։