image

Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագրի առաջին փուլն աւարտած է. Եգիպտոսի ԱԳ նախարար

Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագրի առաջին փուլն աւարտած է. Եգիպտոսի ԱԳ նախարար

 

Կազայի մէջ հրադադարի համաձայնագրի առաջին փուլի իրագործումը կը գտնուի իր եզրափակիչ փուլին մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին յայտարարած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելթին Նիւ Տելհի այցելութեան շրջածիրէն ներս կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

«Մենք այժմ կը գտնուինք (Կազայի ծրագրին) առաջին փուլի իրագործման վերջին փուլին մէջ»,– նշած է ան։

Եգիպտացի նախարարին համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը ներկայիս կարգաւորման «միակ հիմքը» կը կազմէ։

«Մենք պէտք է աշխատինք այս ծրագրի յաջող իրագործումը ապահովելու համար։ Այժմ գլխաւոր հարցն այն է, որ երկու կողմերն ալ՝ Իսրայէլն ու «Համաս»-ը, բարի կամքով եւ անկեղծ մտադրութեամբ կատարեն Շարմ ալ-Շէյխի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը»,– ըսած է Ապտելաթին։

«Յայտնի է որ, իւրաքանչիւր կողմ ունի իր պարտաւորութիւնները՝ Իսրայէլն իր, «Համաս»-ը՝ իրենը»,– աւելցուցած է ան։

Հոկտեմբեր 13-ին Եգիպտոսի Շարմ ալ-Շէյխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է խաղաղութեան գագաթնաժողով՝ նուիրուած Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման եւ այնտեղ պահուող բոլոր իսրայէլցի պատանդներու ազատ արձակման։ Հանդիպման ընթացքին Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ նախագահները եւ Քաթարի էմիրը ստորագրած են պաղեստինեան անկլաւին մէջ վերջնական հրադադարի մասին հռչակագիրը։