Կազայի հատուածէն աւելի քան 600 հազար մարդու տարհանման հրաման տրուած է. նոր հրամանը խուճապ ու վախ առաջացուցած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՄԱԿ-ի`պաղեստինցի փախստականներու օգնութեամբ զբաղող գործակալութիւնը։
«Հիւսիսային շրջանը բնակող մօտ 250 հազար մարդու համար սա երկրորդ տեղահանումն է։ Տարհանման հրամանը խուճապ, վախ եւ անհանգստութիւն առաջացուցած է Կազայի բնակիչներու շրջանին. շատերն արդէն քանի մը անգամ ստիպուած եղած են տարհանուիլ պատերազմի ընթացքին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Գործակալութիւնը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն ռմբակոծութիւնները, իսկ զոհերու թիւը սրընթաց կ՚աճի։