image

Կազայի հատուածէն 8 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի Աշտոտ քաղաքի ուղղութեամբ

Կազայի հատուածէն 8 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի Աշտոտ քաղաքի ուղղութեամբ

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումը վերջին երկու ամսուան ընթացքին առաջին անգամ Կազայի հատուածէն հրթիռակոծած է Իսրայէլի Աշտոտ քաղաքը, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը:

Ինչպէս գրած է timesofisrael.com-ը, ընդհանուր առմամբ արձակուած է ութ հրթիռ, որմէ երկուքը որսացած է իսրայէլեան ՀՕՊ համակարգը, մնացածն ինկած են բաց տարածքի մէջ:

Զոհերու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան: «Համաս»-ը ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը:

Վերջին անգամ Կազայի հատուածէն 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հարաւային ափամերձ քաղաքի՝ Աշտոտի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակուած էին յունուար 14-ին: