image

Իտալիա. Անhետացած ուղղաթիռը ջախջախուած. Բոլոր 7 ուղեւորները զոհուած (Տեսանիւթ)

   Իտալիա. Անhետացած ուղղաթիռը ջախջախուած. Բոլոր 7 ուղեւորները զոհուած (Տեսանիւթ)

Կը նշուի, որ ուղղաթիռը օդաչուն կորսնցուցած է ղեկը պահելու կարողութիւնը եւ այդ մէկուն պատճառ եղած է կլիմայական վատ պայմանները։

 

 Օրեր առաջ Իտալիոյ Մոտէնա նահանգին մէջ անհետացած ուղղաթիռը յայտնաբերուած է եւ անոր բոլոր ուղեւորները՝ զոհուած։

 Այս մասին լուրը տուած է «Էլ.Պի. Սի. Այ.» կայանը։

Կը նշուի, որ ուղղաթիռը օդաչուն կորսնցուցած է ղեկը պահելու կարողութիւնը եւ այդ մէկուն պատճառ եղած է կլիմայական վատ պայմանները։

 

 

 

 

 Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր այս մասին նշելով, որ ուղղաթիռին մէջ եղող ( 33-ամեայ իտալացի օդաչուէն բացի) կային վեց անձեր՝ 2-ը լիբանանցիներ եւ 4-ը թուրքեր։

Լիբանանցի ուղեւորները եղած են գործարարներ, որ Հռոմ հասած էին մասնակցելու  առեւտրային ցուցահանդէսներու։