Իսրայէլի ներկայացուցիչները պատրաստ են Կազայի հատուածին մէջ եւս երեք օրով երկարաձգելու հրադադարը, եթէ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումն ազատ արձակէ պատանդ բոլոր կիներն ու երեխաները։ Այս մասին յայտնած է The Times-ը՝ վկայակոչելով բանակցութիւններու ընթացքին ծանօթ աղբիւրը:
Հրատարակութեան համաձայն՝ Իսրայէլի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ ՀԱՄԱՍ-ը պատերազմի առաջին օրը գերի վերցուցած է մօտ 100 իսրայէլացի կին եւ երեխայ։
Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ համաձայնեցուած հրադադարի շրջածիրէն ներս, նոյեմբեր 28-ին, ազատ արձակուած է 60 մարդ։ Եւս 10-ն կը նախատեսուի ազատ արձակել նոյեմբեր 29-ին։
Տոհայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները։