Մարտական գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ կը շարունակուին։
Առաւել կատաղի մարտերը ծաւալած են Կազայի խոշորագոյն «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի շրջակայքը, որ, ըստ Reuters գործակալութեան, իսրայէլեան զօրքերու գլխաւոր թիրախներէն մէկն է։
«Ցաւօք սրտի, զոհերու թիւը այս բուժհաստատութեան հիւանդներու շարքերէն աճած է։ Աշխարհը չի կրնար լուռ մնալ իրավիճակի մը մէջ, երբ որպէս անվտանգ ապաստան նախատեսուած հիւանդանոցները կը վերածուին մահուան, աւերածութիւններու եւ յուսահատութեան վայրերու», - այսօր X-ի էջին գրած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրեյէսուսը։