image

Իսրայէլ լրջօրէն մտահոգ է «Հըզպալլա»ի կարողականութեամբ

Իսրայէլ լրջօրէն մտահոգ է  «Հըզպալլա»ի կարողականութեամբ

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» նշած է, որ Հըզպալլայի կողմէ սպառնացող վտանգը մեծ է իսրայէլեան բանակին համար ընդհանրապէս եւ օդուժի համար յատկապէս:

Բանակը նշած է «աճող մարտահրաւէրը, որու մասին կը վկայէ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքներու սահմանափակումը Լիբանանի օդային տարածքին մէջ` Հըզպալլայի հակաօդային կրակի հարուածէն վախնալու պատճառով, թէկուզ մասնակի»:

Կայքը նաեւ կը նշէ, որ «Հըզպալլան կ'աշխատիէ խափանել Իսրայէլի գործունէութիւնը Լիբանանի երկնքին մէջ եւ զօրացնել պաշտպանութիւնը, հարց՝ որու համար Իսրայէլը պէտք է գործադիր լուծում գտնէ, նախքան այն արմատաւորուի եւ արտացոլուի տարածաշրջանին մէջ յաւելեալ գործողութիւններու վրայ»:

Պաշտօնական հեռարձակող Kan-ն հաղորդած է, որ Իսրայէլի օդային անվտանգութեան եւ հետախուզական ծառայութիւնները «բարձր զգօնութեան մէջ են` անցեալ ամսուայ ընթացքին շարք մը իրադարձութիւններէն ետք, յատկապէս անօդաչու սարքերու հետ կապուած, որոնք տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի դէմ նոր մարտ կը հանդիսանան»: