Չորեքշաբթի կէսգիշերէն յետոյ սուրիական հակաօդային պաշտպանութիւնը դիմակայած է իսրայէլեան յարձակման, որ թիրախաւորած է հարաւային շրջանի որոշ կէտեր եւ խոցած է հրթիռներուն մեծ մասը, կը յայտնէ սուրիական «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը։
Ռազմական աղբիւրը «ՍԱՆԱ»-ին յայտնած է, որ «ժամը 00:50-ի սահմաններուն Իսրայէլ օդային յարձակում կատարած է բռնագրաւեալ սուրիական Կոլանի ուղղութեամբ՝ թիրախաւորելով հարաւային շրջանի որոշ կէտեր: Մեր հակաօդային պաշտպանութիւնը դիմակայած է յարձակման հրթիռներուն եւ խոցած է անոնց մեծ մասը»։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ յարձակումը «պատճառ դարձած է զինուորի մը նահատակութեան եւ որոշակի նիւթական վնասներու»:
Նշենք, որ օրեր առաջ իսրայէլեան ինքնաթիռները քանի մը հրթիռներով յարձակման ձեռնարկած էին Միջերկրական ծովի ուղղութեամբ՝ Լաթաքիոյ հարաւ-արեւմուտքը՝ թիրախաւորելով Լաթաքիոյ առեւտրային նաւահանգիստի բեռնարկղներու բակը։