Միջազգային քրէական ոստիկանութեան կազմակերպութիւնը (Ինթերփոլ) որոշեց Սիրուան վերաներառել տեղեկատուութեան փոխանակման համակարգին մէջ, մինչ 2012 թուականին զայն առկախած էր Սուրիոյ դէմ միջազգային պատժամիջոցներու լոյսին տակ:
Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող կազմակերպութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Գլխաւոր քարտուղարութեան թելադրութենէն մեկնելով, Ինթերփոլի գործադիր կոմիտէն որոշեց չեղեալ համարել Սուրիոյ նկատմամբ կիրառուող ուղղիչ միջոցառումները»:
Սուրիոյ մէջ Ինթերփոլի ազգային կեդրոնական գրասենեակին նկատմամբ 2012 թուականէն կիրառուող ընթացակարգերը կը ներառէր բոլոր անդամ երկիրներու համար տեղեկատուութեան փոխանակման բաց համակարգի մուտքի արգելքը: 2012-էն ի վեր Ինթերփոլի գլխաւոր քարտուղարութիւնը Սուրիայէն հաղորդագրութիւններ միայն կը ստանար, եւ զանոնք հասցէատէրերուն կ'ուղարկէր այն պարագային, երբ անոնք կը համապատասխանէին Ինթերփոլի կանոններուն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը բացատրուի, որ «ուղղիչ միջոցառումներու վերացման վերաբերեալ թելադրութիւնը տրուած է Դամասկոսի կեդրոնական գրասենեակէն ստացուած հաղորդագրութիւնները վերահսկելէ ետք», աւելցնելով, որ հետեւաբար «Դամասկոսի գրասենեակը, ինչպէս միւս ազգային կեդրոնական գրասենեակները, կրնայ ուղղակի հաղորդագրութիւններ ուղարկել այլ անդամ պետութիւններուն եւ փոխադարձաբար՝ ստանալ»:
Դամասկոսի գրասենեակէն ծառայութիւններու մատուցման արգելքը վերացնելու ամենակարեւոր առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ գրասենեակը այժմ կրնայ Ինթերփոլի ծառայութիւններ մատուցել այլ պետական հաստատութիւններուն, ինչպիսիք են անձնագրերը, ընդհանուր մաքսատուրքերը եւ սահմանային անցակէտերը՝ ինչ կը վերաբերի ինքնաշարժերու մաքսանենգութեան եւ աշխարհի մէջ հետախուզուողներու եւ այլոց մատնահետքերուն եւ այլն: Բացի այդ, արգելքի վերացումը կը դիւրացնէ կապի եւ ծառայութիւններու հարցը, յատկապէս Գլխաւոր քարտուղարութեան հետ: