Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնայ եւ պէտք հանդիպի Վլատիմիր Զելենսքիի հետ` ոչ թէ քննարկելու, այլ՝ հաստատելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ փոխըմբռնումները: Այս մասին յայտնել է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:
Աւելի վաղ Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական, Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ ուքրանական պատուիրակութեան անդամ Միխայիլ Փոտոլեաք յայտարարած էր Զելենսքիի եւ Փութինի միջեւ հնարաւոր ուղիղ բանակցութիւններու համար փաստաթուղթերու պատրաստման մասին:
«Բանակցութիւնները նախապատրաստումն է: Նախագահները կրնան եւ պէտք է հանդիպին ոչ թէ քննարկումներու, այլ՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հաստատման համար», ըսած է ՓԵսքով: