Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպին COP29-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու տաղաւարի բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խումբ մը ջրաբաններ եւ ճարտարապետներ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ համատեղ կ՚աշխատին տարածաշրջանի անդրսահմանային գետերու ջրային միջոցներու համարկուած կառավարման ուրուագիծի վրայ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի՝ Ատրպէյճանն ունի արեւային եւ քամիի ուժանիւթի զգալի ներուժ եւ COP29-ին ցոյց կու տայ ածխաջրածնային հատուածին մէջ կայուն զարգացման եւ արտանետումներու կրճատման հարցով իր առաջատարութիւնը։