Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Տաւուշի մարզի բնակիչներու հետ հանդիպման ըսած է, որ եթէ Երեւանը Պաքուի հետ փոխզիջումներու չերթայ սահմանամերձ գիւղերու հարցով, ապա կրնայ պատերազմ սկսիլ։ Այս մասին թելեկրամեան ալիքին գրած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով յայտարարութիւնը:
«Ահա թէ հարցը ինչի յանգեցուցած են Եւրոմիութենէն, ՆԱԹՕ-էն եւ Ուաշինկթընէն նոր համակարգողները: Ուշադրութիւն դարձուցէք՝ այս յայտարարութիւնը ոչ մէկ կերպ կապ ունի Ռուսիոյ հետ։ Սա Երեւանի գործող իշխանութիւններու բացառիկ իրաւասութիւնն է եւ արեւմտականներու հետ անոնց խորհրդակցութիւններու հետեւանքը», - գրած է Զախարովան։
Նշենք, որ Փաշինեանը Ոսկեպարի բնակիչներու հետ հանդիպման ըսած է, որ «շաբթուան վերջը պատերազմ կ՚ըլլայ, եթէ ոչինչ ընենք»։