image

«Համաս» համաձայնութեան չէ եկած

«Համաս» համաձայնութեան չէ եկած

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումը կիրակի օր յայտարարած է, որ կը մերժէ Կազայի հատուածի հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Իսրայէլի առաջադրած  նոր պայմանները՝ կասկածի տակ դնելով 10 ամիս շարունակուող  պատերազմին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու վերջին փորձի յաջողութեան  հնարաւորութիւնը, հաղորդած է Reuters:

Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու առանցքային կէտերն են Իսրայէլի ներկայութիւնը, Ֆիլատելֆիոյ միջանցքին մէջ, որ 14,5 քմ. երկարութեամբ ցամաքային նեղ հատուած է Եգիպտոսի հետ Կազայի հարաւային սահմանի երկայնքով:

«Համաս» յայտարարած է, որ Իսրայէլ հրաժարած է զօրքերը միջանցքէն դուրս հանելու պարտաւորութենէն եւ առաջարկած է այլ նոր պայմաններ, ներառեալ տեղահանուած պաղեստինցիներու ստուգումը, որոնք հրադադարի սկսելէն յետոյ կը վերադառնան տարածքի աւելի բնակեցուած հիւսիսային մասը:

«Մենք չենք ընդունիր 2 յուլիսի պայմանաւորուածութենէն հրաժարելու կամ նոր պայմաններու շուրջ քննարկումները», - կիրակի օր խմբաւորման պատկանող «Ալ Աքսա» հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է« Համաս»-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ուսամա Համտան:

Համտան նաեւ տեղեկացուցած է, որ «Համաս» միջնորդներուն փոխանցած է վերջին առաջարկի վերաբերեալ իր պատասխանը՝ յայտարարելով, որ գործարքի մօտալուտ  կնքման մասին Միացեալ Նահանգներու խօսակցութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Յուլիսին «Համաս» ընդունած էր Միացեալ Նահանգներու առաջարկը՝ բանակցութիւններ սկսելու իսրայէլացի պատանդները՝ զինուորները եւ տղամարդիկ ազատ արձակելու շուրջ, Կազայի պատերազմի դադրեցման համաձայնագիրի առաջին փուլէն 16 օր անց, Reuters-ին յայտնած է «Համաս»-ի բարձրաստիճան աղբիւրը: