Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ճարտարարուեստի հիմնարար քաղաք ըլլալու փաստը նորութիւն չէ։
Այդ մասին անդրադարձ կատարած են Սուրիոյ վերջին տարիներու զարգացումները փաստագրող եւ վերլուծող մէկէ աւելի արժանահաւատ մեկնաբաններ։
Հալէպը իր դիրքով եւ շրջանին մէջ ազդեցիկ եւ «կամուրջ քաղաք» մը ըլլալու հանգամանքով միշտ ալ արժանացած է Սուրիոյ իշխանութիւններու ուշադրութեան ու նաեւ Սուրիոյ դէմ գործող ու իրենց սեւ ձեռագրով բոլորին յայտնի կողմերու «հետաքրքրութեան»։
Հետաքրքրութիւն, որ յաճախ վերածուած է չարակամ մօտեցումի եւ աղէտաբար վարմունքի։
Այսքանը պատերազմի տարիներուն տիրող մթնոլորտին մասին, իսկ այս բոլորէն անդին, եթէ այսօր անդրադարձը կատարենք այսօր Հալէպի մէջ տիրող իրականութեան, ապա պիտի նկատենք, որ Հալէպի վերականգնման թիւ մէկ օրակարգը կը վերաբերի քաղաքի ելեկտրականութեան ցանցերու վերականգման։
Խօսքը նաեւ կը վերաբերի Հալէպի ճարտարարուեստի կեդրոն համարուող արուարձաններուն, որոնց ամէնէն կարեւորը կը համարուի Շէյխ Նաժժար շրջանը։
Օրերս այդ շրջանին մէջ եւ շնորհիւ Հալէպի քաղաքային իշխանութիւններու ճիգերուն վերականգնուեցաւ Շէյխ Նաժժար քաղաքի ելեկտրական հիմնական գործարանը, որուն վերանորոգման լուսանկարները «Արեւելք»ին տրամադրեց Հալէպահայ առաքինի լուսանկարիչ-լրագրող ՝ Ճօրճ Ուրֆալեանը։
Բարի լուրեր Հալէպէն, բարի լուրեր՝ յանուն փայլուն ապագայի եւ յանուն հայութեան համար սիրտ ու կեանք տուող Սուրիոյ վերջնական յաղթանակին։
«Ա»