image

Հացի նոր տագնապ. Վաղը Թրիփոլիի փուռերը փակուած պիտի մնան

Հացի նոր տագնապ. Վաղը Թրիփոլիի փուռերը փակուած պիտի մնան

Վաղուընէ սկսեալ հացի նոր տագնապ մը երեւելի պիտի դառնայ Լիբանանի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան MTV  կայանէն։

 

 Խնդրին մասին կայանը հարցազրոյց մը կատարած է  Փուռերու սենտիքայի նախագահ ՝ Ալի Իպրահիմին հետ։ 

Իպրահիմ մասնաւորապէս ըսած է, որ մազութի սուր պակասին հետեւանքով վաղուընէ սկսեալ Թրիփոլի քաղաքի բոլոր փուռերը պիտի մնան փակ նշելով, որ եթէ իրավիճակն այս հունով շարունակուի ապա յառաջիկայ օրերուն հացի տագնապը երեւելի պիտի ըլլայ ամբողջ Լիբանանի մէջ։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի տարածքին առկայ վառելանիւթի սուր տագնապը իր ազդեցութիւնը կը գործէ ոչ միայն սնունդի այլ նաեւ երկրի առողջապահական ոլորտին վրայ։