image

Ղարաբաղի հայերը պէտք է ունենան վերադարձի իրաւունք. Ռուսիոյ արտաքին գործոց

Ղարաբաղի հայերը պէտք է ունենան վերադարձի իրաւունք. Ռուսիոյ արտաքին գործոց

Ռուսիան կ՚ողջունէ եւ կ՚աջակցի Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցած ծրագրին, որ կը վերաբերի նախորդ տարուան սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած հայերու համարկման: Այս մասին ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ղարաբաղի հայերը պէտք է ունենան վերադարձի իրաւունք՝ անոնց իրաւունքներու եւ, ի հարկէ, անվտանգութեան պատշաճ պահպանմամբ: Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու այդ գործընթացին»,-ըսած է Զախարովան: