image

Գահիրէի մէջ. Շանթ Աւետիսեան դարձեալ կը փայլի

 Գահիրէի մէջ. Շանթ Աւետիսեան դարձեալ  կը  փայլի

Օրերս տեղի ունեցած է բացումը եգիպտահայ վաղամեռիկ նկարիչ` Շանթ Աւիտեսեանի (1951-2018) գործերու ցուցահանդէսին։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը  քաղեց Եգիպտոսի  Հայ Դատի յանձնախումբի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Աղբիւրը կը նշէ, որ ցուցահանդէսը բացուած է Գահիրէի Զամալէք շրջանին մէջ գտնուող Art Talks ցուցադրասրահին մէջ, իսկ Աւետիսեանի արժէքաւոր կտաւները մաս կը կազմեն Ճօրճ Միքայէլեանի սեփական հաւաքածոյին։Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ 21 դեկտեմբեր 2021-էն մինչեւ 12 Յունուար, 2022-ը: 

Եգիպտահայ ժամանակակից նկարիչ՝ Շանթ Աւետիսեանի գործերը վաւերացումն են արուեստի եւ եգիպտացի անուանի գործիներու, որոնք տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած են Եգիպտոսի արդի մշակոյթի  ամենատարբեր ոլորտները։ 

Աւետիսեան տարուած եղած է նկարելով եգիպտական պատմութեան մանրամասնութիւննները՝ փառաւոններու ժամանակէ սկսած ժամանակակից, անցնելով բանահիւսութեան ու ժողովրդական ազգագրութիւնէն եւ հասնելով մինչեւ «սուֆի»  բանաստեղծներու ժառանգութիւնը: Ան նաեւ իր գործերուն մէջ ցոյց տուած է իր ինքնութեան  հարուստ արմատները: 

Աւետիսեանի գործերը ցուցադրուած են ամբողջ աշխարհով։ Սակայն անոնք աւելի ճանաչում ստացած են 1991-ի Ծոցի պատերազմէն ետք, երբ ընդգծուած են ազգային գաղափարախօսութիւնն ու պատմութեան ու յիշողութեան կարեւորութիւնը, եւ որոնց մասին էին Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները:   Հայ արուեստագէտին գործերը, մանաւանդ  անոնք, որ նուիրուածեն Նեղոսին եւ եգիպտացի հանրածանօթ դէմքերու, համբաւ գտած են արաբական աշխարհի կտրուածքով ՝ յատկապէս Յորդանանի եւ Ծոցի երկիրներուն մէջ, նաեւ մեծ տեղ գրաւած են արաբական հասարակութեան յիշողութեան մէջ: Իսկ եգիպտական մակարդակով իր ամէնէն յայտնի կտաւներէն կը համարուին Եգիպտոսի մեծ առաջնորդ՝ Ժամալ Ապտըլ Ալ Նասէրի եւ Ում Քալսումի  նուիրուած գործերը։