ՀՀ Պետական եկամուտներու կառավարման նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի որդի՝ Արտեոմ Խաչատրեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը, յայտարարուած հետախուզում։ Տեղեկութիւնը յայտնած են Հակափտածութեան դատարանէն։
Արտեոմ Խաչատրեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին միջնորդութիւնը մակագրուած էր Հակափտածութեան դատարանի դատաւոր Արամ Գրիգորեանին։
Յիշեցնենք`յունիս 5–ին ՀՀ Քննչական կոմիտէն ձերբակալման որոշումներ կայացուցած է 7 նախկին պաշտօնեաներու, այդ շարքին՝ ՀՀԿ փոխնախագահ, կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանի, Բրիւսովի անուան համալսարանի նախկին տնօրէն Գայիանէ Գասպարեանի, փոխտնօրէն Արթուր Այվազեանի, համալսարանի կառավարման խորհուրդի նախագահ Վիգէն Սարգսեանի, ֆինանսերու նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանի, անոր որդի՝ Արտեոմ Խաչատրեանի, ինչպէս նաեւ անոնց հետ փոխկապակցուած եւս մէկ անձի՝ Յարութիւն Թադեւոսեանի նկատմամբ։
ՔԿ-էն յայտնած էին, որ վարոյթը կը վերաբերի շուրջ 200 մլն արժէքով գոյքի նկատմամբ պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման ու փողերու լուացման։