image

Եւրոպական Միութիւնէն կէս միլիոն եւրօ Արցախի հայութեան

Եւրոպական Միութիւնէն կէս միլիոն եւրօ  Արցախի  հայութեան

Եւրոպական Միութիւնը այս տարուան սկիզբը Արցախի համար տրամադրած էր 1,17 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օգնութիւն: Ի լրումն ատոր՝ Եւրոյանձնաժողովը հրատապ պիտի տրամադրէ 500 հազար եւրօ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններէն տուժած բնակչութեան աջակցելու համար:

500 հազար եւրոյի սկզբնական ֆինանսաւորումը պիտի օգնէ Եւրոպական Միութեան մարդասիրական գործընկերներուն, ինչպիսին է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն, անյապաղ օգնութիւն՝ առողջապահական աջակցութիւն, բժշկական սարքաւորումներ, սնունդի փաթեթներ տրամադրելու մարտերէն տուժածներուն: Եւրոպական Միութեան մարդասիրական ամբողջ ֆինանսաւորումը պիտի տրամադրուի մարդասիրութեան, չէզոքութեան, անկողմնակալութեան եւ անկախութեան մարդասիրական սկզբունքներուն համապատասխան եւ պիտի ուղղորդուի միջազգային կազմակերպութիւններու, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու եւ Հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցով:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նաեւ հետագայ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ: