image

Եւրոպացիները համոզելու Իսրայէլեան ճիգերը տապալեցան

Եւրոպացիները համոզելու Իսրայէլեան ճիգերը տապալեցան

Իսրայէլի կողմէ տարուած մեծ ճիգերը պաղեստինեան որոշ կազմակերպութիւններ ահաբեկչական ցուցակին մէջ ներգրաւելու  տապալած են։

«Արեւելք»  այս մասին վերահասու կը դառնայ «Ալ Մայատին»էն։

Աղբիւրը  մասնաւորապէս կը  գրէ,  որ իսրայէլեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ կը բացայայտեն, որ Իսրայէլ յույս ունէր որ «Շապաք»-ի գաղտնի փաստաթուղթը կը համոզէր Եւրոպական կառավարութիւնները, որպէսզի դադրեցնեն պաղեստինեան իրաւապաշտպանական խմբաւորումներու դրամական հովանաւորումը: Իսրայէալցի գրողներ Յուվալ Աբրահամը, Օրեն Զիվը, Մերոն Ռապոպորթը Իսրայէլական տարբեր լրատուամիջոցներու (972+ ամսագիր, Լոքըլ Քոլլ, եւ Տը Ինթրսեփթ) յօդուածներուն մէջ  գրած  են, թէ «Իսրայէլ» ձախողած է համոզել Եւրոպացի ներկայացուցիչներու, որ Պաղեստինեան վեց կազմակերպութիւններ անմիջապէս կապուած են Պաղեստինի ազատագրման ժողովրդական ճակատին հետ։ 

Իսրայէլի կողմէ  տարուած  մեծ ճիգերը պաղեստինեան որոշ կազմակերպութիւններ ահաբեկչական ցուցակին մէջ ներգրաւելու տապալած են։