image

Էրտողան յոյսով է, որ 2023 թուականին գնաճը «պիտի կոտրուի»

Էրտողան յոյսով է, որ 2023 թուականին գնաճը «պիտի կոտրուի»

Թուրքիոյ կառավարութիւնը յոյսով է, որ 2023 թուականի սկիզբը կը կարողանայ կոտրել բարձր գնաճի «ողնաշարը»։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն, այս յայտարարութիւնը ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։

Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ տարեկան գնաճը 1.5 տարուան ընթացքին առաջին անգամ դանդաղած է` հոկտեմբերին գրանցած 85,51%–էն հասնելով 84,39%։ Նոյեմբերին սպառողական գիներու աճը, պաշտօնական տուեալներով, կազմած է 2,88%։

«Մենք քայլ առ քայլ կը լուծենք գնաճի խնդիրը... Ձեռնարկած միջոցառումներու շնորհիւ յոյս ունինք գալիք տարեսկզբին կոտրել գնաճի ողնաշարը», – Money Talks ծրագրի եւ խումբի գագաթնաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ ըսած է Էրտողան։

Թուրքիոյ նախագահի խօսքով` այն մակարդակը, որուն երկիրը կարճ ժամանակի մէջ հասած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, ազգային հպարտութեան առարկայ դարձած է»։

«2002 թուականին պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրանքի արտահանումը կազմած էր ընդամէնը 248 միլիոն տոլար, իսկ նախորդ տարի մենք մրցանիշ սահմանած էինք` 3 միլիառ 224 միլիոն տոլար։ Այս տարի կ'ակնկալենք, որ արտահանման ցուցանիշը աւելի քան 3 միլիառ տոլար կազմէ»,– ըսած է Էրտողան։

Յիշեցնենք` Թուրքիոյ նախագահը 30 նոյեմբերին իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նիստին յայտարարած էր, որ այս տարի երկրին մէջ տնտեսական մտցանշային աճ պիտի գրանցուի։