image

Երեւանն ու Անգարան պայմանաւորուած են չքաղաքականացուած երկխօսութիւն վարել. ՌԴ ԱԳՆ

Երեւանն ու Անգարան պայմանաւորուած են չքաղաքականացուած երկխօսութիւն վարել. ՌԴ ԱԳՆ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են կառուցողական եւ չքաղաքականացուած երկխօսութիւն վարել։ Այս մասին կ'ըսուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ՝ կապուած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի առաջին հանդիպման հետ, որ կայացած է երէկ, Մոսկուայի մէջ։

«Ուղիղ շփում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Կողմերը ցոյց տուած են իրենց պատրաստակամութիւնը երկխօսութիւն վարելու կառուցողական, չքաղաքականացուած ձեւով եւ կեդրոնանալով գործնական արդիւնքներու վրայ՝ «փոքր քայլերով» պարզէն բարդին անցնելով», կ'ըսուի Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել շփման ուղիներ որոնելը, ինչ որ պիտի ըլլայ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ տարածաշրջանի կայունության ու տնտեսական բարգաւաճման։