image

ԵՄ-ն 10 մլն եւրոյի չափով օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանին վրաններ գնելու համար

ԵՄ-ն 10 մլն եւրոյի չափով օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանին վրաններ գնելու համար

ԵՄ-ն 10 մլն եւրոյի չափով օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանին վրաններ գնելու համար։ Այս մասին ըսուած է Եւրոմիութեան պաշտօնական կայքին մէջ։

«Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարները որոշում կայացուցած են 10 մլն եւրօ արժողութեամբ վրաններու տեսքով ռազմական օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին, այդ գնումներու ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով»,– նշուած է կայքին մէջ։

ԵՄ արտաքին քաղաքական ծառայութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը վրաններու տրամադրումն անուանած է «ԵՄ-Հայաստան ռազմատեխնիկական համագործակցութեան կարեւոր քայլ»: Ան յոյս յայտնած է, որ այդ համագործակցութիւնը հետագային պիտի զարգանայ:

Յիշեցնենք, որ ԵՄ-ն Պաքուի հետ բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանէն Ուքրանիոյ տարածքով Եւրոպա կազ մատակարարելու շուրջ։

Նշենք, որ նոյն Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը ԵՄ պիւտճէէն Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարման ֆինանսաւորման հիմնական ալիքն է։