image

«Եղածը մեծ հարուած էր». Փենթակոնը «Մոսկուա» ռազմանաւու խորտակման մասին

«Եղածը մեծ  հարուած էր». Փենթակոնը «Մոսկուա» ռազմանաւու խորտակման  մասին

Հինգշաբթի «Մոսկուա» յածանաւի խորտակումը «մեծ հարուած» էր Ռուսաստանի ռազմածովային ուժերուն Սեւ ծովին մէջ, յայտարարած է Փենթակոնը:

«Սա մեծ հարուած է Սեւծովեան նաւատորմի համար, այդ կարեւոր բաղադրիչ էր Սեւ ծովին մէջ որոշակի գերակայութիւն հաստատելու անոնց փորձին համար: Այդ պիտի ազդէ անոնց կարողութուններուն վրայ», ըսած է Փենթակոնի խօսնակ Ճոն Քիրպին: 

Քիրպին ըսած է, որ ԱՄՆ-ը չի կրնար հաստատել նաւի խորտակման ստոյգ պատճառը:

«Մենք չենք կրնար հերքել ուքրանական կողմին վարկածը: Շատ հաւանական է եւ հնարաւոր է, որ անոնք իրականութեան մէջ յարձակած են ռուսական յածանաւի վրայ «Նեփթուն» հրթիռով կամ գուցէ այլ բանով», ըսած է Քիրպին:

Յիշեցնենք, որ «Մոսկուա» հրթիռային յածանաւը փոթորիկի պայմաններու մէջ դէպի նպատակակէտ քարշակած ատեն խորտակուած է` զինամթերքի պայթումէն յառաջացած հրդեհի հետեւանքով ստացած վնասման պատճառով: 

Մինչդեռ ուքրանական կողմը կը պնդէ, որ իրենց արձակած «Նեփթուն» թեւաւոր հրթիռներու հարուածի հետեւանքով հզօր պայթումներ եւ հրդեհ տեղի ունեցած է «Մոսկուա» յածանաւին մէջ: 

Նշենք, որ Forbes հանդէսը ռուսական յածանաւի արժէքը գնահատած է 750 միլիոն տոլար` ընդգծելով, որ այն դարձած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ամենաթանկ ռազմական կորուստը Ուքրանիոյ պատերազմին: