Իսրայէլեան աղբիւրները յայտնած են, որ այսօր՝ Չորեքշաբթի, Երուսաղէմի Շէյխ Ճարրահ թաղամասին մէջ դաշունահարութեան հետեւանքով վիրաւորուած է հրեայ կին մը, նշելով որ «դաշունահարութեան հեղինակը աղջիկ մը եղած է»։
Իսրայէլեան աղբիւրները յաւելած են, որ «բռնագրաւեալ Երուսաղէմի Շէյխ Ճարրահ թաղամասի դաշունահարութեան գործողութիւն կատարողը, առանց կրակոցի, հեռացած է գործողութեան վայրէն»՝ մատնանշելով, որ «դաշունահարուած 30-ամեայ կինը ծանր վիրաւորում ստացած է»։
«Մայատին»ի թղթակիցը յայտարարած է, որ բռնագրաւուած Երուսաղէմի մէջ «հրեաները ձերբակալած են դաշունահարողին քոյրն ու մայրը»:
Բանտարկեալներու տեղեկատուութեան գրասենեակը պարզած է, որ Երուսաղէմի մէջ դաշունահարութիւն իրականացնելու պատճառով ձերբակալուած աղջիկը «Նաֆուզ Ճատ Արեֆ Համատն է՝ Համատներու ընտանիքէն, որուն կը սպառնայ տեղահանում Շէյխ Ճարահ թաղամասին մէջ»: