ՆԱԹՕ-ի ղեկավարները պէտք է կեդրոնանան Ուքրանիոյ մէջ հրադադարի ապահովման վրայ , այլ ոչ թէ միայն՝ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու եւ զսպման: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
«Իւրաքանչիւրին առաջնային նպատակը պէտք է ըլլայ հրադադարը, պատերազմը դադրեցնելը: Իւրաքանչիւրը պէտք է գործէ պատասխանատու եւ կառուցողական», ըսած է Չաւուշօղլուն:
«Ի հարկէ, մենք կարիք ունենք ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն մէջ միասնութեան եւ համերաշխութիւն ու զսպուածութիւն պիտի ցուցաբերենք: Բայց ո՞վ կը վճարէ շարունակուող պատերազմին գինը», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Ան նշած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ իր ջանքերը` որպէս «միջնորդ եւ օժանդակող»` դադրեցնելու մարտերը եւ կապի մէջ է երկու կողմերի բանակցողներուն հետ:
Նշենք, որ այսօր տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկրներու ղեկավարներու գագաթաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը: