image

Chamwings-էն լաւ լուր. Հալէպ-Երեւան ուղիղ թռիչքներ

 Chamwings-էն լաւ լուր. Հալէպ-Երեւան  ուղիղ թռիչքներ

 Սուրիական Chamwings ընկերութիւնը յայտարարած է, որ Հալէպ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները պիտի վերականգնուին։

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ առաջին Հալէպ-Երեւան կանոնաւոր թռիչքը պիտի իրականացուի յառաջիկայ սեպտեմբերին։

 

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմի ամէնէն թէժ փուլերէն ետք Chamwings-ը դարձաւ այն առաջին ընկերութիւնը, որ թռիչքներ իրականացուց գործի դնելով Դամասկոս-Երեւան թռիչքները, եւ նոյն ժամանակներուն ալ ընթացք առին Դամասկոս- Պաղտատ թռիչքները։

 

 Սուրիոյ մէջ քաղաքական-ապահովական իրավիճակի բարելաւման կողքին օդային թռիչքները աւելիով կ՚ամրացնեն Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութիւնը ու նաեւ յոյսեր կը հաղորդեն, որ 10 տարուան արիւնալի պատերազմէն ետքը Սուրիան դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով  կ՚ընթանայ դէպի ամբողջական կայունութիւն եւ  անշուշտ  վերականգնում։