Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին յայտնած է, որ այս պահուն կ'որոշուի Ռուսաստանի ճակատագիրը եւ անոր ապագայ տեղը աշխարհի մէջ:
Պաշտօնեան ընդգծած է, որ երկիրը երբեք պիտի չնահանջէ իր ինքնիշխանութեան ապահովման հարցին մէջ:
«Մեր երկիրը այժմ իսկապէս պատմական պահ կ'ապրի: Կ'որոշուի Ռուսաստանի ճակատագիրը, անոր ապագայ տեղը աշխարհի մէջ: Ինքնիշխանութիւնը մեր քաղաքացիներու բարեկեցութեան եւ արժանապատուութեան գրաւականն է, այն մեր երեխաներու ապագան է», ըսած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը:
Նարիշքին ընդգծած է, որ անոր ապահովման հարցերը միշտ զբաղեցուցած են առաջատար տեղերէն մէկը, քանի որ «հակառակ պարագային Ռուսաստանը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ»: