Ես կոչ կ'ընեմ իշխան Թամիմին ուղղակի ներդրումներ կատարել Լիբանանի մէջ, մանաւանդ որ հողը ներկայիս բերրի է: Նախագահական պաշտօնի երկարաձգման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, եւ նոր նախագահը պէտք է պատշաճ ներկայացուածութիւն վայելէ եւ ըլլայ ոչ թէ բաժանման, այլ՝ մերձեցման տարր։
Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն այսօր առաւօտեան Քաթար ժամանած է Շէյխ Թամիմ իշխանին հրաւէրով, մասնակցելու Արաբական ֆութպոլի բաժակի բացման` ՖԻՖԱ 2021, որ կը մեկնարկէ վաղը՝ Երեքշաբթի օր:
Լիբանանի նախագահութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ նախագահ Աուն Քաթարի իշխանին հետ պիտի քննարկէ «երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ բոլոր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ զարգացնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարական միացեալ բարձրագոյն կոմիտէն ի գործ դնելու ուղիները»:
Աուն ըսած է, որ «Քաթար այցը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան խորքի եւ յարաբերութիւններու ամրութեան արտայայտութիւնն է»՝ ընդգծելով, որ «անոր աջակցութիւնը Լիբանանին՝ նաւահանգստի պայթումէն ետք, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան արժանի է»։
Քաթարի «Ալ Ռայա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Աուն նշած է, որ «քաթարեան դիւանագիտութիւնը ներկայ է տարածաշրջանային եւ միջազգային հարթակներու վրայ», նշելով, որ «աշխարհը այսօր պէտք է առաջնահերթութիւն տայ բանականութեան եւ երկխօսութեան լեզուին, քան՝ կռիւի և հեռացման»:
Աուն յաւելեց. «Ես կոչ կ'ընեմ իշխան Թամիմին ուղղակի ներդրումներ կատարել Լիբանանի մէջ, մանաւանդ որ հողը ներկայիս բերրի է», եւ շարունակեց. «Քաղաքական վէճերը եւ անձնական նկատառումները խոչընդոտեցին ելեկտրականութեան ծրագրի իրականացումը», նշելով, որ «խոչընդոտը ստանձնողները յայտնի դարձած են բոլոր լիբանանցիներուն»։
Աուն ըսաւ, որ նախագահական պաշտօնի երկարաձգման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, եւ նոր նախագահը պէտք է պատշաճ ներկայացուածութիւն վայելէ եւ ըլլայ ոչ թէ բաժանման, այլ՝ մերձեցման տարր։
Նախագահ Աուն ընդգծած է, որ կողմ է «իշխանութիւններու տարանջատման», ըսելով, որ չի միջամտեր դատական համակարգի աշխատանքին։ «Ես չեմ գիտեր նաւահանգիստի պայթումին հանգամանքները։ Ես տեսած չեմ Ռուսիոյ տրամադրած լուսանկարները, այլ խնդրած եմ, որ զանոնք յանձնուին դատական իշխանութեան», նած է ան։
Նշենք, որ Աունի այցը լիբանանցի պաշտօնակատարի առաջին այցն է Նաժիպ Միքաթիի կառավարութեան ձեւաւորումէն ի վեր եւ դիւանագիտական ճգնաժամէն ետք, որ բռնկեցաւ Պէյրութի եւ Ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ի միջեւ անցեալ Հոկտեմբերին՝ լիբանանցի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի՝ Եմէնի պատերազմին վերաբերեալ յայտարարութիւններու լոյսին տակ: