Յորդանանէն ցաւալի լուր մը ցնցած է հանրութիւնը: Ալ Զարքա քաղաքին մէջ, մայր մը կը մտնէ իր աշխատավայրը մոռնալով նորածինը ինքնաշարժին մէջ: Ան 4 ժամ ետք յիշելով երեխան կը շտապէ դէպի ինքնաշարժ, ուր սակայն անշարժ կը գտնէ զայն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ LBC կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, մայրը սովորաբար իր նորածինը կը ձգէ քրոջ խնամքին երբ կ'երթայ աշխատանքի: Քոյրը իր կարգին նոր գործ մը գտած ըլլալով, մայրը նորածինը իր հետ տարած է աշխատավայր այնտեղի մանկամսուրի խնամքին յանձնելու եւ մոռցած զայն ինքնաշարժին մէջ:
Ոստիկանութիւնը ահազանգ ստանալով հասած է դէպքին վայրը: Տուեալներուն համաձայն նորածինը 4 ամսական էր: Դիազննութիւնը ի յայտ բերած է, թէ մահուան պատճառը փսխելն է, որոնք յանգեցուցած են նորածինի խեղդամահ ըլլալուն: